2011-04-13 12:23:16

Եւրոպայի Խորհուրդը Միջկրօնական Երկխօսութիւն Կը Կազմակերպէ` Կրօնական Մեծ Անձնաւորութիւններ Կը Մասնակցին Խորհրդաժողովին։


Սդրազպուրկի մէջ տեղի կ'ունենայ միջկրօնական երկխօսութիւն` նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի խորհուրդի։ Այդ խորհրդաժողովին հրաւիրուած են քրիստոնեայ, հրեայ եւ մահմետական կրօնապետեր։ Կարտինալ Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին խօսք պիտի առնէ յանուն կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Նոյնպէս խօսք պիտի առնեն Ռումանիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք Տանիէլ Չոպոդէա, Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ խորհուրդի աստուածաբան` Պերնարտ ֆելենպերկ, Ռուսիոյ ռաբունապետ Պերել Լազար եւ Թուրքիոյ կրօնական հարցերու բաժնի կառավարիչը Մեհմետ Կորմէզ։ Խորհրդաժողովին նպատակն է հզօրացնել մտաւորական երկխօսութիւնը Եւրոպայի խորհուրդի եւ կրօնական համայնքներու ու մարդկայնական կազմակերպութիւններու միջեւ։ Մէկ խօսքով Եւրոպայի խորհուրդը կը նպատակադրէ երկխօսութեան մնայուն խորհուրդի մը հաստատումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.